ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Կարճ լուրեր,Համայնքային

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 25 Յունիս 2020, Հինգշաբթի, ժամը 11.00-ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ՝ Ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի։

Հիւրերը, քաղաքավարական սոյն այցելութեամբ տեղեկութիւն փոխանցեցին Մայր Եկեղեցւոյ մասին եւ յայտնեցին, թէ եկեղեցւոյ մէջ հարկաւոր էին բարեզարդման աշխատութիւնները։ Այս առիթով, Պատրիարք Սրբազան Հօր օրհնութիւնը խնդրեցին, որպէսզի եկեղեցւոյ մէջ բարեզարդման աշխատութեանց ձեռնարկուին։ Առ այդ, կը նախատեսուի, թէ աշխատութիւնները մինչեւ Ս. Աստուածածնայ Տաղաւարը իր աւարտին պիտի հասնի։

2020 MAYR TADILAT

Պատրիարք Հայրը, շեշտեց եկեղեցիներու ներքին ու արտաքին տեսքը ըստ կարելւոյն պայծառ պահելու անհրաժեշտութիւնը, շնորհաւորեց թաղային խորհուրդի ձեռնարկը եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։