ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԵԼՔՈՆ ՔԱՐԱՔԷՕՍԷՆ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 29 Յունուար 2020, Չորեքշաբթի, ժամը՝ 10.00-ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց ծանօթ ազգային գործիչ Մելքոն Քարաքէօսէն։

 

Հիւրը, սոյն քաղաքավարական այցելութեամբ շնորհաւորեց Պատրիարք Սրբազան Հայրը եւ յաջողութիւն մաղթեց Նորին Ամենապատուութեան։

2020 MELKON KARAKOSE

Պատրիարք Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան առիթով։ Ինչպէս նաեւ կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց իր գործունէութեանց մէջ։