ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 28 Յունուար 2020, Երեքշաբթի, ժամը՝ 15.00-ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Յունաստանի Աւագ Հիւպատոս Կէորկիա Սուլթանօփուլոն։ Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Աթոռոյս Դիւանապետ՝ Գերպտ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

 

Յարգելի հիւպատոսը, Նորին Ամենապատուութեան հետ անձամբ ծանօթանալու, իրեն շնորհաւորանքն ու բարեմաղթանքները փոխանցելու համար եկած էր Պատրիարաքարան։

2020 YUNANISTAN

Պատրիարք Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական սոյն այցելութեան եւ բարեմաղթութեանց համար։ Յայտնեց թէ՝ Պատրիարքական Աթոռը պիտի շարունակէր համայքի զաւակներուն հոգեւոր եւ բարոյական պահանջքներուն պատասխանել իր ծաւալուն գործունէութեամբ։ Պատրիարք Հայրը, մաղթեց որ բարեբեր գործունէութեան տարիներ ըլլայ Պատրիարքական Աթոռէ ներս։