ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆԻԿԻՈՅ ՔՈՆՍԹԱՆԹԻՆ Ս. ՄԵՏՐՈՊՈԼԻՏԸ

Kategori: Եկեղեցական,Միջեկեղեցական

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 3 Փետրուար 2020, Երկուշաբթի, ժամը 13.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Նիկիոյ Քոնսթանթին Ս. Մետրոպոլիտ Հարիսիատիսը։ Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ՝ Միջեկեղեցական Յարաբերութեանց Պատասխանատու՝ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։

 

Նորին Սրբազնութիւնը, որ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ երիցագոյն մետրոպոլիտներէն է, փափաքած էր քաղաքավարական այցելութեամբ փութալ Պատրիարքարան եւ անձամբ շնորհաւորել Նորին Ամենապատուութիւնը։ Քոնսթանթին Ս. Մետրոպոլիտը, հաճելի զրոյցի ընթացքին յատկապէս յիշատակեց Պատրիարք Սրբազան Հօր միջեկեղեցական գետնի վրայ վայելած համակրանքն եւ յայտնեց թէ իր ընտրութիւնը ուրախութեան պատճառ եղաւ նաեւ քոյր եղեցիներէն ներս։ Պատրիարք Հայրը, Տէր Տրդատ Քահանայ Հօր եւս ընկերակցութեամբ, երկար տարիներ Պոլսոյ Աթոռը ներկայացուցած էր միջեկեղեցական շրջանակներէն ներս։ Յիշեց նաեւ թէ՝ Պատրիարք Հօր հետ անցեալին համաատենապետ եղած էր Թուրքիոյ Եկեղեցիներու Հասարակաց Յանձնախումբին եւ Պատրիարք Հայրը յանուն յանձնախումբի գրի առած էր՝ Temel İlkeleriyle Hristiyanlık (Հիմնական սկզբունքներ Քրիստոնէական Կրօնի) գիրքը։ Ինք որպէս երէց հոգեւորական, բարեմաղթութիւններ փոխանցեց Նորին Ամենապատութեան եւ մաղթեց որ Պատրիարք Հօր առաջնորդութեամբ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռն ու իր ժողովուրդը ունենայ ծաղկեալ օրեր։

 

Պատրիարք Հայրը, բարի գալուստ մաղթեց Քոնսթանթին Ս. Մետրոպոլիտին։ Իր այցելութիւնը, յատկանշական իմաստ կը պարունակէր, քանի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ երիցագոյն հոգեւորականներէն մին կ՚այցելէր Գումգաբու եւ խնդակցութիւնը կը յայտնէր իր երբեմնի գործակցին։ Պատրիարք Հայրը եւս յիշատակեց Ս. Մետրոպոլիտի առաջնորդութեամբ անցեալին թափ ստացած միջեկեղեցական յանձնախումբին գործունէութիւնը։ Որպէս երէց իր ներկայութիւնը միշտ խրախուսիչ եղած էր բոլոր ներկաներուն, բան մը որ իրեն եւս ներշնչած էր անցեալին։ Պատրիարք Հայրը յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն քաղաքավարական այցելութեան համար եւ արեւշատ օրեր մաղթեց Ս. Մետրոպոլիտին։

2020 METROPOLIT KONSTANTIN

Այցելութեան աւարտին, Քոնսթանթին Ս. Մետրոպոլիտ, Նորին Ամենապատուութեան նուիրեց հսկայ պանակէ մը, առ ի յիշատակ գահակալութեան Պոլսոյ Աթոռոյ։ Պատրիարք Հայրը, սոյն յուշանուէրի համար եւս շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբազնութեան։ Յետ եղբայրական ողջագուրման,  Ս. Մետրոպոլիտը բաժնուեցաւ Պատրիարքարանէն։