ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՈՒԽՏԱՒՈՐԱՑ ԽՈՒՄԲԸ

Kategori: Փաստաթուղթեր

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 3 Փետրուար 2020, Երկուշաբթի, ժամը 15.30-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Պոլսեցի ուխտաւորաց խումբը, որոնք Սաղիմական Ս. Ծննդեան Տօնակատարութեանց մասնակցելու համար փութացած էին Ս. Երուսաղէմ։ Հանդիպման ներկայ էին Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, ինչպէս նաեւ ուխտագնացութեան կազմակերպիչներ՝ Բրկ. Սեւան Կ.Սրկ. Արապեան եւ Միհրան Սաթըլմըշ։

 

Հայր Սուրբը, յայտնեց թէ՝ ուխտաւորաց խումբը Սաղիմական Ս. Ծննդեան արարողութեանց մասնակցած ըլլալով ստացած էր օրհնութիւն։ Անոնք փափաքած էին, վերադարձէ յետոյ այցելել Պատրիարքարան ու օրհնութիւնը ստանալ նաեւ՝ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր։ Այս առթիւ, խումբի անդամներ իրենց ապրումներն ու վկայութիւնները փոխանցեցին Պատրիարք Հօր։ Բոլոր ուխտաւորները երջանիկ էին, քանի հանգիստ ուխտագնացութիւն մը կազմակերպուած էր եւ ստեղծուած զանազան առիթներով բաւականին ոգեւորուած էին Ս. Երկրի մէջ։ Այս առթիւ Պատրիարք Հօր ներկայութեամբ, խումբի կազմակերպիչներուն եւ հոգեւոր խորհրդատու Հայր Սուրբին շնորհակալութիւն յայտնեցին։ Անոնք ըսին նաեւ թէ՝ Սաղիմահայութիւնը եւս երջանիկ էր, քանի Պոլսոյ Աթոռը տիրացած էր իր գահակալին։ Անոնք եւս առաջին առիթով փափաքն ունէին հիւրընկալել Նորին Ամենապատուութիւնը Ս. Երկրին մէջ։ Մասնաւորապէս տպաւորիչ էր սուրբ տեղեաց մօտ Հայ Եկեղեցւոյ ստանցնած դերը։ Սոյն ուխտագնացութեամբ անոնք եւս հաւաստիացուցին թէ՝ Պոլսոյ Աթոռոյ վարկը բարձր է Երուսաղէմի Ս. Աթոռոյ մօտ եւ նման տեսարանը ուրախացուցիչ էր Պոլսեցի բոլոր ուխտաւորներուն համար։ Ուրախացուցիչ այլ տեսարան էր նաեւ շփուիլ այլ երկիրներէ ժամանած հայ ուխտաւորներու հետ։

 

Պատրիարք Հայրը, բարի գալուստ մաղթեց ուխտաւորներուն եւ մեծապէս գնահատեց Պատրիարքարան տրուած այցելութիւնը։ Ս. Երկիրը Քրիստոնեայ աշխարհի բաբախող սիրտն էր եւ յատկապէս նման առիթներով տրուած այցելութիւնները ուխտաւորները կ՚ոգեւորէին։ Ինք եւս, անցեալին Երուսաղէմի մէջ պաշտօնավարած ըլլալով ծանօթ էր մթնոլորտին եւ ուխտաւորաց հոգեւոր ապրումներուն։ Պոլսեցի ուխտաւորներուն ներկայութիւնը եւս ուրախացուցիչ տեսարան էր, եւ ինք մաղթեց որ նման առիթներ կրկնուին որպէսզի տեղւոյն մէջ հաւատացեալներ Ս. Գրային ուղիով ճանապարհորդեն ու խոկան բարոյական ու հոգեւոր խորհուրդներուն մասին։ Իր խօսքերու աւարտին, Հայրաբար գնահատեց բոլոր կազմակերպիչներն ու Հայր Սուրբը եւ յիշեցուց թէ սոյն պարտականութիւնը սուրբ ծառայութիւն մըն էր։ Մաղթեց որ, Տէր Աստուած իւրաքանչիւր ուխտաւորին շնորհէ առաւել եւս օրհնութիւն եւ արեւշատ օրեր։

2020 UKHDAVORNER

Այցելութեան աւարտին, խումբի անդամները Պատրիարք Հօր նուիրեցին յուշանուէր մը, որմէ յետոյ Պատրիարք Հայրը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց ներկաները։ Այցելուներ Պատրիարքարանի յարկէն ներս ստացած ըլլալով Պատրիարք Հօր ընդունելութիւնը, շնորհակալութեամբ հեռացան Պատրիարքարանէ։