ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊՈՒՐՈՒՆՔԸՇԼԱՑԻՆԵՐԸ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտեալ Պատրիարք Հայրը, 15 Յունուար 2020, Չորեքխաբթի, առաւօտ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց խումբ մը Պուրունքըշլացի հայեր։ Հիւրերու շարքին էին՝ Յովսէփ Արզուման, Նազարէթ Էօզսահակեան, Նազար Պինաթլը, Տիգրան Ալթուն, Տօքթ. Մելքոն Պալճը եւ այլք։

Այցելուներ, սոյն քաղաքավարական այցելութեամբ յաջողութիւն մաղթեցին Ընտրեալ Պատրիարք Սրբազան Հօր։ Անոնք, յայտնեցին, թէ Պուրունքըշլացի հայերը ուրախ էին, քանի Պատրիարքական Աթոռը տիրացած էր իր նոր գահակալին։ Այցելուներ տեղեկութիւններ փոխանցեցին Պուրունքըշքայի եւ իրենց գործունէութեանց մասին։

2020 BURUNKISLA

Պատրիարք Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան առիթով։ Ան, անգամ մը եւս յայտնեց թէ Պատրիարքական Աթոռը միշտ նեցուկ պիտի կանգնի իր ժողովուրդին։ Պատրիարք Հայրը օրհնեց ներկաները եւ մաղթեց որ ընտրութիւնը օրհնաբեր ըլլայ համայնքային բոլոր մարմիններուն համար։