ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԱԹ-7 ՀԵՌՈՒՍՏԱԿԱՅԱՆԻ ՎԱՐՉՈՒԹԵՆԷՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐ

Kategori: Միջեկեղեցական,Փաստաթուղթեր

IMG_2746

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 26 Փետրուար 2021, Ուրբաթ, ժամը 14.00-ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց ՍԱԹ-7 ԹԻՒՐՔ Հեռուստակայանի վարչութենէն՝ Մէլիհ Էքէնէրը, Ճիւնէյթ Արըքանը, Իւմիթ Թէյմուրն ու Գրիգոր Տինչքայըքճըն։ Հանդիպման ներկայ եղան, Աթոռոյս ՍԱԹ-7 ԹԻՒՐՔ Հեռուստակայանի Հետ Յարաբերութեանց Յանձնախումբի անդամները։

Հանդիպումը սկսաւ արտասանուած բարեմաղթական աղօթքով։ Հիւրերը իրենց գործունէութեանց եւ ծրագիրներուն մասին տեղեկութիւն փոխանցելու եւ գաղափարի փոխանակում ունենալու նպատակաւ փութացած էին Պատրիարքարան։ Առաջին հերթին, Հեռուստակայանի Տնօրէն Մէլիհ Էքէնէր, շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան, որ հեռուստակայանի ներկայացուցիչներուն ժամանակ տրամադրելու եւ անոց հետ գաղափարի փոխանակում ունենալու ազնուութիւնը ունեցած էր։

Հիւրերը այս առիթով, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեցին նաեւ Մեր Հոգեւոր Պետին, որ քարոզչական նոր հաղորդաշարի մը սկսած էր։ Այլապէս, Պատրիարք Հայրը, Ս. Աւետարանի ճանաչողութեան մասին քարոզներ կը խօսէր, որոնք Փետրուար ամիսէն սկսեալ արդէն իսկ «ՍԱԹ-7»էն սփռուիլ սկսած էին։ Հիւրերը յայտնեցին թէ՝ սոյն քարոզչական հաղորդաշարը լաւ անդրադարձ ունեցած էր ունկնդիրներու մօտ։

IMG_7144

Աթոռոյս յանձնախումբի անդամները եւս իրենց գաղափարները բաժնեցին հիւրերու հետ, յայտնելով թէ՝ ապագային յանուն Աթոռոյս, ներդրում կրնան բերեն նաեւ այլ անձինք։

Մինչ այդ, Պատրիարք Հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ հեռուսատակայանի վարչութենէն ներկայացուցիչներ փութացած էին Պատրիարքարան, որպէսզի Աթոռը իր տեսակէտներն ու գործելաոճը յայտնելու կարելիութիւնը ունենար երկխօսութեան միջոցաւ։ Պատրիարք Հայրը, նաեւ մաղթեց որ ՍԱԹ-7 ԹԻՒՐՔի գործունէութիւնը նպաստէ միջեկեղեցական յարաբերութեանց զարգացման։ Աթոռոյս ներդրումը յատկապէս կը նպատակէ Հայ Եկեղեցւոյ մշակոյթն ու հաւատալիքները ծանօթացնելու։

Այցելութեան աւարտին, հիւրերը ընծայուած հիւրասիրութեան եւ ընդունելութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեցին Պատրիարք Հօր եւ բաժնուեցան Պատրիարքարանէ։

Հարկ է նշել թէ, ՍԱԹ-7 ԹԻՒՐՔ հեռուստակայանը Թուրքիոյ առաջին Քրիստոնէական կայանն է, որ ներկայիս կը շարունակէ իր գործունէութեան։

 

  • IMG_7144
  • IMG_2746
  • 7e473875-1c22-420e-8e65-1d413145b7e7
  • IMG_2750