ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԵԲԱՍՏԱՑԻՆԵՐԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտեալ Պատրիարք Հայրը, 3 Յունուար 2020, Ուրբաթ, առաւօտ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց խումբ մը Սեբաստացի հայեր։ Հիւրերու շարքին էին Սեբաստացի Հայերու Հայրենակցական Միութեան Ատենապետ՝ Սեպուհ Քօչաք, բնիկ Սեբաստահայեր՝ Երուանդ Մըղտըս եւ Երուանդ Տուրմազկիւլէր, ԱՄՆ-է ժամանած՝ Մուրատ Ղուկասեան եւ Պոլիսէն՝ Տիգրան Թօկաչ։ Այցելութեան ներկայ եղաւ Դիւանապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

2020 SIVASLILAR

Այցելուներ, սոյն քաղաքավարական այցելութեամբ յաջողութիւն մաղթեցին Ընտրեալ Պատրիարք Սրբազան Հօր։ Անոնք, յայտնեցին, թէ Սեբաստիոյ հայերը ուրախ էին, քանի Պատրիարքական Աթոռը տիրացած էր իր նոր գահակալին։ Այս առթիւ քաղաքի հայութեան առօրեային մասին տեղեկութիւն փոխանցեցին Նորին Ամենապատուութեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին Պատրիարքական Աթոռոյ, քանի ի պահանջել յարկին միշտ զգալի կը դառնար Աթոռոյ բարոյական նեցուկն ու հետաքրքրութիւնը։

Պատրիարք Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան առիթով։ Պոլիսէ դուրս մերազն ժողովուրդի ներկայութիւնը ուրախութիւն կը պատճառէր Պատրիարքական Աթոռոյ։ Սեբաստիոյ ժողովուրդն ալ իր ներկայութեամբ ու յարաբերութիւններով, Սեբաստիոյ մէջ կը շարունակէր ներկայացնել հայու տիպարը։ Այնուհետեւ, անգամ մը եւս յայտնեց թէ Պատրիարքական Աթոռը միշտ նեցուկ պիտի կանգնի իր ժողովուրդին, եւ այս գծով Սեբաստիոյ ժողովուրդն ալ պիտի շարունակէ ամենայն հանգստութեամբ դիմել իր Հոգեւոր Պետին։ Պատրիարք Հայրը օրհնեց ներկաները եւ մաղթեց որ ընտրութիւնը օրհնաբեր ըլլայ համայնքային բոլոր մարմիններուն համար։