ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՏԱՆՊՈՒԼԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐԷՆ ՄՈՒՍԹԱՖԱ ՏԷՄԻՐԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 7 Փետրուար 2020, Ուրբաթ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ստանպուլի Երեսփոխաններէն Մուսթաֆա Տէմիրը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ.Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Յարգելի հիւրը, որ նախապէս վարած էր նաեւ Ֆաթիհի Քաղաքապետութեան պաշտօնը, քաղաքավարական այցելութեամբ փութացած էր Գումգաբու, անձամբ շնորհաւորելու համար Նորին Ամենապատուութեան ընտրութիւնը։ Մուսթաֆա Տէմիր, զրոյցի ընթացքին շեշտեց Պատրիարքութեան կարեւորութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց Նորին Ամենապատուութեան։

2020 MUSTAFA DEMIR

Պատրիարք Հայրը ողջունեց յարգելի երեսփոխանին ներկայութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական սոյն այցելութեան առթիւ։ Զրոյցի ընթացքին յիշատակուեցաւ նաեւ յարգելի երեսփոխանին Ֆաթիհի շրջանէն ներս տարած երբեմնի աշխատութիւնը։ Այս առթիւ, Պատրիարք Հայրը եւս յաջողութիւն մաղթեց Մուսթաֆա Տէմիրին իր քաղաքական գործունէութեանց մէջ։