ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Ս. ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտեալ Պատրիարք Հայրը, 24 Դեկտեմբեր 2019, երեկոյեան, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Խնամակալութեան անդամները, գլխաւորութեամբ՝ Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի։

2019 HASTANE

Այցելուներ, սոյն քաղաքավարական այցելութեամբ յաջողութիւն մաղթեցին Պատրիարք Սրբազան Հօր։ Անոնք անգամ մը եւս հաւաստիացուցին, թէ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցը, ինչպէս անցեալին, ապագային եւս միշտ նեցուկ պիտի կանգնի Պատրիարքական Աթոռոյ գործունէութեանց։

Պատրիարք Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան առիթով։ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցը ամենէն մեծ համայնքային հաստատութիւնն էր եւ իր բարոյական ու նիւթական նեցուկը միշտ զգալի դարձած էր Պատրիարքական Աթոռոյ համար։ Պատրիարք Հայրը, մաղթեց որ ընտրութիւնը օրհնաբեր ըլլայ համայնքային բոլոր հաստատութեանց եւ թէ՛ մերազն ժողովուրդի համար։