ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ՀԻՒՐԵՐ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 27 Յունուար 2020, Երկուշաբթի, ժամը՝ 16.00-ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Կրօնից Գործերու Խորհրդական՝ Ճան Քրիսթոֆ Փոսէլը, որուն կ՚ընկերանար Ֆրանսայի Ստանպուլի Աւագ Հիւպատոսը՝ Պէրթրան Պուշուօլթըր։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Աթոռոյս Դիւանապետ՝ Գերպտ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

 

Յարգելի հիւրերը, Հայոց Պատրիարքութեան եւ նորընտիր գահակալին ծանօթանալու համար եկած էին Գումգաբու։ Տեսակցութեան ընթացքին շնորհաւորեցին նաեւ Նորին Ամենապատուութիւնը եւ իրմէ ստացան Աթոռոյ պատմութեան եւ առաքելութեան մասին ընդհանուր գիտելիքներ։

2020 FRANSA DIS ISLERI

Պատրիարք Հայրը յատկապէս յիշեցուց թէ՝ Հայ Եկեղեցւոյ կարեւոր կեդրոններէն մին է Պոլսոյ Աթոռը եւ իր սահմաններէն ներս կը ջանայ պատասխանել համայնքի զաւակներուն կրօնական, բարոյական եւ մշակութային պահանջքներուն։ Պատրիարք Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց յարգելի հիւրերուն քաղաքավարական այցելութեան առիթով եւ յաջողութիւն մաղթեց դիւանագիտական իրենց պաշտօնին մէջ։