ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ADIPԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 7 Փետրուար 2020, Ուրբաթ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց ADIP (Անատօլուի Կրօնքի եւ Հաւատքներու Հարթակ)ի ներկայացուցիչները, ընկերակցութեամբ Սեւան Աթաօղլուի։

Այցելուներ, նկատելով Պատրիարքական Աթոռոյ հանգամալից ներկայութիւնը, փափաքած էին քաղաքավարական այցելութեամբ ներկայանալ Պատրիարք Սրբազան Հօր եւ իր հետ ծանօթանալ։ Այս առթիւ անոնք տեղեկութիւններ տուին Անատօլուի Կրօնքի եւ Հաւատքներու Հարթակի հիմնադրման նպատակին, առաքելութեան եւ ծրագիրներուն մասին։ Հարթակին գլխաւոր նպատակն է, կրօնքներու եւ հաւատքներու միջեւ գոյութիւն ունեցած տարբերութիւնները գործածել յօգուտ մշակութային հարստութեան։

2020 ADIP

Պատրիարք Հայրը ողջունեց յարգելի հիւրերու ներկայութիւնը Պատրիարքարանէ ներս։ Յիշեցուց թէ՝ տարբեր կրօնքներու ներկայութիւնը, խտրութեան եւ խռովութեան պատճառ պէտք չէ ըլլայ, այլ՝ պէտք է դառնայ սիրոյ գաղափարին վրայ հաստատուած համակեցութեան առիթը։ Պատրիարք Հայրը լսեց այցելուներու ծրագիրները եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց, իրենց ապագայ գործուէութեանց մէջ։