ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՎԱՆԻԿՈՒՍԱԿԱԼԻՆ ՀԵՏ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 4Յունիս 2005 Շաբաթ երեկոյեան, Գնալը Կղզիի Պատրիարքարանինմէջ ընդունեց Վանի Կուսակալ Մէհմէտ Նիյազի Թանըլըրիքաղաքավարական այցելութիւնը։

Հանդիպման ներկայ եղան Պատմական Ժառանգութեան Պահպանման Հիմնարկի Ատենապետ եւ Թուրքիոյ Ազգային Ժողովինախկին Նախագահ Սապիթ Օսման Ավճը, նոյն Հիմնարկի անդամներ՝Բարձր Ճարտարապետ Տքթ. Ֆաթմա Սէտէս եւ Վերգին Արըօպա եւՊատրիարքական Աթոռի իրաւաբաններէն Լուիզ Պաքար։

Հանդիպման ընթացքին խորհրդակցութիւն կայացաւ Վանայ Լճի Աղթամար Կղզիի Ս. Խաչ Կաթողիկոսանիստ Եկեղեցւոյ նորոգութեան աշխատանքներուն մասին։
Նորին Ամենապատուութիւնը անգամ մը եւս ընդգծեց թէ կենսականէ, որ նորոգութեան գործակատար խումբին մէջ գտնուի հայազգի ճարտարապետ մը, որ մասնագէտ ըլլայ Հայ Եկեղեցւոյ ճարտարապետական ոճին, որպէսզի նորոգութեան ընթացքին չվնասուի Աղթամարի համալիրին պատմական «ցանցամաշկը»։