ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԵՐԿԱՅ ԵՂԱՒ ՍԱՅԱԹ ՆՈՎԱ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԵԼՈՅԹԻՆ

Kategori: Համայնքային

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 27 Մայիս 2005, Ուրբաթ գիշեր,ներկայ եղաւ Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց Եկեղեցւոյ Սայաթ ՆովաԵրգչախումբի մանկանց կազմի համերգին, որ տեղի ունեցաւՖերիգիւղի Տքթ. Տէրվիշ Էրօղլու Մշակութային Կեդրոնին մէջ։

Բացման խօսքը արտասանեց Երգչախումբի անդամներէն ԹաթիանաԹումայեան եւ ըսաւ թէ այս մէկը Սայաթ Նովա ՄանկանցԵրգչախումբի 1998էն ի վեր տուած 16րդ համերգն է։ Թումայեանշնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք զօրավիգ կանգնեցանմանկանց երգչախումբին։

Սայաթ Նովա Մանկանց Երգչախումբը, Շուշան Գալաթաշի մականիններքեւ մեկնաբանեց 17 երգ, որոնց դաշնակով ընկերացան ԿարօՓառէն Տրամէրեան եւ Եղիսաբէթ Աթապէքեան։

Իրենց մեներգներով ծափեր խլեցին Աղթամար Արըք, Անի Տէմիրճի,Նարէ Կավրիլօֆ, Սասուն Արըք, Մելանի Պաքքալօղլու, Լերան Իւլկէն,Դանիա Քասափչըլար, Մասիս Քալաթաշ եւ Եդուարդ Գէորգեան։

Համերգի աւարտին հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. ՊատրիարքՀայրը եւ ըսաւ. «Այս օրերուն թէ մեր մամուլը եւ թէ օտար մամուլը կըզբաղի պատմութեամբ։ Պատմութիւնը շատ կարեւոր է, ունի իր ուրոյնտեղը, եւ մենք շատ դասեր ունինք առնելու պատմութեան էջերէն։Սակայն ես կը մտածեմ որ մեր ներկան ու ապագան ալ նոյնքան եւաւելի կարեւոր են։ Չէք կրնար պատմութիւնը փոխել։ Բայց ձեր այսօրուան կեանքով ու աշխատանքով կրնաք աւելի լաւ ապագայ մըկերտել։ Որպէս Հայոց Պատրիարք զիս կը հետաքրքրուիմ. 15-20 տարիյետոյ Թուրքիոյ մէջ պիտի ունենա՞նք հայախօս ժողովուրդ, որ հայերէնկարդա, գրէ, աղօթէ, երգէ։ Աւելի քան 500 տարիէ ի վեր արեւմտահայմշակոյթի օրրանն է Պոլիսը։ Ո՞վ պիտի պահպանէ այս մշակոյթը։ Իհարկէ մայրերն ու հայրերը։ Որովհետեւ ժողովուրդի ամենափոքրմիաւորը ընտանիքն է։ Մեր մանուկներուն կրթութիւնը շատ կարեւոր է,եւ այդ կարելի չէ պարզապէս ուսուցիչներուն ու հոգեւորականներունթողուլ։ Մեր ընտանեկան օճախները մեր կեանքի առաջին վարժարաննու առաջին եկեղեցիներն են։ Այս մտածումներով ես Սայաթ ՆովաԵրգչախումբի վարիչներուն առընթեր, կը շնորհաւորեմ ու կ՚օրհնեմայն բոլոր հայրերն ու մայրերը, որոնք իրենց զաւակներըարձանագրեցին Սայաթ Նովա Երգչախումբի շարքերուն։ Կըշնորհաւորեմ բոլոր անոնք, որոնք այս համերգի իրականացմանհամար աշխատեցան»։