ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ «ՄԱՐՄԱՐԱ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ ԽՄԲԱԳՐԱՊԵՏ ՌՈՊԷՐ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆԸ

Kategori: Համայնքային

Rober Haddecyan

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 26 Յունուար 2020, Երեքշաբթի, «Մարմարա» Օրաթերթի խմբագրապետ եւ Պոլսահայ հանրածանօթ մտաւորական՝ Ռոպէր Հատտէճեանը շնորհաւորեց, իր ծննդեան 95 ամեակին առթիւ։

Պատրիարք Հայրը, ողջունելով Ռոպէր Հատտէճեանի տարեդարձը, իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց եւ մաղթեց որ տակաւին երկար տարիներ ծառայէ Հայ գիրին ու գրականութեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը ի միջի այլոց ըսաւ. «Կեանքի յառաջացեալ ծերութեան օրերը ոմանց համար կը ներկայանան որպէս հանգիստի օրեր։ Մենք ուրախ ենք որ հակառակ Ձեր յառաջացեալ տարիքին Դուք կը մնաք Մեսրոպեան տառերու հաւատարիմ սպասաւորութեան պատնէշին վրայ, մշտառոյգ գործունէութեամբ կը շարունակէք արտադրել եւ հարստացնել Հայ Գրականութեան անդաստանը, որուն համար Մենք փառք կու տանք Աստուծոյ»։