ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՎՍԵՄԱՇՈՒՔ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Kategori: Աշխարհական

164903021_1807605449399330_6481831077476085045_oԱՔՓ Կուսակցութեան 7րդ Ընդհանուր Համագումարը տեղի ունեցաւ 24 Մարտ, Չորեքշաբթի, Անգարայի մէջ։ Յընթացս ժողովոյ Թուրքիոյ Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղան, կրկին վերընտրուեցաւ որպէս կուսակցապետ։ Բաց աստի, ժողովի ընթացքին, համայնքիս հանրածանօթ բժիշկներէն Տքթ. Սեւան Սըվաճըօղլու, ԱՔՓ Կուսակցութեան Կեդրոնական Որոշումներու Վարչային Խորհուրդի (MKYK) անդամ ընտրուեցաւ։

Այս առիթով, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, նոյն օրը երեկոյեան ժամերուն, Վսեմաշուք Նախագահին շնորհաւորական մը ուղարկեց եւ յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ, Կրօնական Ժողովոյ եւ Հայ Համայնքին գործոց բարեաց յաջողութիւն մաղթեց։ Պատրիարք Հայրը, այս առիթով իր ուրախութիւնը յայտնեց նաեւ թէ պատասխանատու պաշտօնի մը կոչուած է նաեւ համայնքիս արժէքաւոր անդամներէն մին, բան մը որ համայնքիս համար ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն կ՚առթէ։