ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ԻՐ ԱԹՈՌԸ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական,Համայնքային

Ն.Ա.Տ. Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան 6 Մարտ 2020, Ուրբաթ, երեկոյեան ժամերուն հրաժեշտ առաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն։

Նորին Ամենապատուութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն հրաժեշտ առնելէ առաջ տեսակցեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ, որ վերջին օրերուն բարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալեց Նորին Ամենապատուութիւնը։

vehapar grupla

ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԸՆԹՐԻՔ
Վեհարանի սեղանատան երդիքին տակ, 5 Մարտ 2020, Հինգաշաբթի, երեկոյեան Վեհափառ Հայրապետի հովանաւորութեան ներքեւ հրաժեշտի ընթրիք մը սարքուեցաւ ի պատիւ Նորին Ամենապատուութեան։ Երեկոյթին մասնակցեցան ԳՀԽ-ի անդամներ, բազմաթիւ սրբազաններ, Սուրբ Էջմիածնի միաբանութենէն զանազան դէմքեր եւ այլ հիւրեր։

vehapar badriarkՇատ անմիջական մթնոլորտի մը մէջ անցաւ այս հանդիպումը, որու ընթացքին խօսուեցան բաժակաճառեր։ Առաջին բաժակաճառը խօսեցաւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայ Եկեղեցւոյ պաշտօնական ներկայացուցիչ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։ Իր կարգին Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանն ալ արտասանեց բաժակաճառ մը։ Զանազան սեղանակիցներու արտայայտութիւններէն վերջ բաժակաճառ մըն ալ արտասանեց Պատրիարք Հայրը։ Վերջին բաժակաճառը խօսեցաւ Վեհափառ Հայրապետը, որ ընդգծեց, թէ իւրաքանչիւր հոգեւորականի կեանքը Աստուծոյ կամքով կ՚ընթանայ։ Աստուած է, որ կ՚առաջնորդէ ու կը տնօրինէ անոր կեանքը։ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ նոյնպէս Աստուծոյ կամքով Նորին Ամենապատուութիւնը բարձրացած է Պատրիարքական Աթոռ։ Վեհափառ Հայրապետը մաղթեց, որ Պատրիարք Հայրը անվարան հաւատքով յաղթահարէ բոլոր դժուարութիւնները եւ Աստուած զինքը զօրացնէ, որպէսզի ան կարողանայ կերտել պատրիարքական աթոռի փառքը։ Բաժակաճառին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց նաեւ իր մաղթանքներն ու աղօթքը խաղաղութեան համար։

Ընթրիքի աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Վեհափառ Հայրապետին յանձնեց յուշանուէր մը, որ պատրաստուած էր վերանորոգեալ վեհարանին համար։ Իր կարգին, Նորին Սրբութիւնն ալ պանակէներ ու լանջախաչ մը նուիրեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Բաց աստի, Վեհափառ Հայրապետը յուշանուէրներ յանձնեց նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ընկերակիցներուն։ Այսպէս, Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան Նորին Սրբութենէն ստացաւ լանջախաչ մը։ Իսկ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան եւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան Նորին Սրբութենէն նուէր ստացան ձեռաց խաչեր։

Ընթրիքի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հրաժեշտ առին իրարմէ։

ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԴԷՊԻ ՊՈԼԻՍ
Այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն Պատրիարք Հայրն ու ընկերակիցները Մայրավանքէն հրաժեշտ առին՝ իրենց տրամադրուած յատուկ ինքնաշարժներով։ Նորին Ամենապատուութիւնը ուղեւորուեցաւ Վրաստան եւ երեկոյեան ժամերուն քաղաքս վերադարձաւ օդային ճամբով։