ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ՔԱՏԻՐ ԹՕՓՊԱՇԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Kategori: Աշխարհական

kadir-topbas-depophotos_16468252_16_9_1613223339-880x495

Ստանպուլի նախկին Մայր Քաղաքապետ՝ Քատիր Թօփպաշ, որ երկար ժամանակէ ի վեր կը դարմանուէր հիւանդութեան պատճառաւ, մահացաւ 13 Փետրուար 2021, Շաբաթ օր։ Այս առթիւ, Ն.Ա.Տ Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հայրը Հանրապետութեան Նախագահ՝ Վսեմաշուք Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղանին, Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետ՝ Էքրէմ Իմամօղլուին եւ Քատիր Թօփպաշի վշտահար տիկնոջ՝ Էօզլէյիշ Թօփպաշի ցաւակցագիրեր ուղարկելով, յանուն Պատրիարքական Աթոռի եւ Հայ Համայնքին ցաւակցութիւն յայտնեց։ Մեր Հոգեւոր Պետը, յիշելով Քատիր Թօփպաշի գործունէութիւնը, վեր առած է Պատրիարքական Աթոռոյ եւ համայնքային հասատատութեանց հանդէպ իր ունեցած դրական եւ օգտակար մերձեցումը։