ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ԵՒ ԻՄԱՄՕՂԼՈՒ ԱՄՈԼԻՆ

Kategori: Փաստաթուղթեր

taziye resim kucukԹուրքիոյ Հանրապետութեան Արդարութեան Նախարար Մեծայարգ Ապտիւլհամիտ Կիւլի մայրը՝ Սալիհա Կիւլ, մահացաւ 9 Ապրիլ 2021, Ուրբաթ օր։ Այս առթիւ, Ն.Ա.Տ Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հայրը, Նախարար Ապտիւլհամիտ Կիւլին ցաւակցագիր ուղարկելով, յանուն Պատրիարքական Աթոռի եւ Հայ Համայնքին ցաւակցութիւն յայտնեց։

Իսկ միւս կողմէ, Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի կողակից Տիլէք Իմամօղլուի մայրը՝ Հավվա Քայան եւս մահացաւ նոյն օրը։ Այս առթիւ, Ն.Ա.Տ Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հայրը, Քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուին ցաւակցագիր ուղարկելով ցաւակցութիւն յայտնեց ու իր մխիթարական մաղթանքները փոխանցեց հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն։