ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ՍԵՊՈՒՀ ՍՐԲԱԶԱՆԻ ՀԱՄԱՐ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական,Համայնքային,Փաստաթուղթեր

126370694_1699387740221102_6263741616538365720_o

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 19 Նոյեմբեր 2020 թուակիր նամակով ցաւակցութիւն յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։

Մայր Աթոռոյ վաստակաշատ միաբաններէն եւ Գուգարաց Թեմի բազմարդիւն առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Ս. Արքեպիսկոպոս Չուլճեանի վախճանման առթիւ գրի առած ցաւակցագիրին մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադառնալով “Հոգելոյս Սրբազանի իր ետին թողած երեսուն եւ երեք ամեայ հոգեւոր ու վարչական ծառայութեան՝ ի սպաս դրուած Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ իր խնամքին յանձնուած ժողովուրդին հոգեւոր մխիթարութեան”, ըսաւ.

“Սրբազան Հօր անժամանակ ու վաղաժամ մահը խոր կսկիծ կը յառաջացնէ մեր սիրտին մէջ։ Հայ Առաքելական Եկեղեցին երջանկայիշատակ Սրբազանէն տակաւին կարեւոր ծառայութիւններ կ’ակնկալէր եւ կասկած չունինք, որ ան պատրաստ էր բազում տարիներ եւս ծառայել։

Մեր յիշողութեան մէջ դարմ կը մնայ տակաւին Վախճանեալ Սրբազան Հօր Ստանպուլ այցելութիւնները՝ զանազան առիթներով։

Կ’աղօթենք առ Աստուած, որ հանգիստ շնորհէ Սրբազան Հովուին հոգւոյն եւ արժանացնէ զայն երկնային անթառամ պսակներուն”։

Նորին Ամենապատուութիւնը, Իր, Պատրիարքական Աթոռոյս Պատկառելի Կրօնական Ժողովի, Հոգեւորականաց Դասու, համայնքային եւ թաղային մարմիններու վարիչներու եւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդի, ցաւակցութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Հոգեւորականաց Դասու անդամներուն։

Ի յիշատակ երջանայիշատակ Սրբազան Հօր, Պատրիարքական Աթոռոյս տնօրինութեամբ, յառաջիկայ 22 Նոյեմբեր, Կիրակի, մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ պիտի կատարուի հոգեհանգստեան պաշտօն։