ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՔԱՐՈԶԵՑ Ս. ԳԱՅԻԱՆԷ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական,Կարճ լուրեր,Կրօնական

88276814_2830545197036074_5866329700271390720_oՆ.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 1 Մարտ, 2020, Կիրակի, մասնակցեցաւ Ս. Գայիանէ Վանքին մէջ մատուցուած տեղի ունեցած կիրակնօրեայ արարողութեանց որուն նախագահեց՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Առաւօտեան ժամերուն Վեհափառ Հայրապետը եւ Պատրիարք Հայրը հոգեւորականաց դասու ուղեկցութեամբ առաջնորդուեցան Ս. Գայիանէի պատմական վանքը, ուր մասնակցեցան Ս. Պատարագի արարողութեան։ Մեծ պահքի Արտաքսման կիրակիի Ս. Պատարագին ընթացքին օրուան քարոզը խօսեցաւ Նորին Ամենապատուութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետի եւ Պատրիարք Հօր մասնակցութեամբ երէկ տեղի ունեցած արարողութիւնները իսկապէս յատկանշական էին։ Ս. Պատարագի յիշատակութեան պահուն յիշուեցաւ նաեւ Նորին Ամենապատուութեան անունը։

Քարոզի ատեն նախ հանդէս եկաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Յովնան Եպս. Յակոբեան եւ ոջունեց Նորին Ամենապատուութեան ներկայութիւնը, անոր մաղթեց յաջողութիւններ։ Ապա, Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Ան նշեց, որ իրեն համար ուրախութիւն էր Մեծ պահքի կիրակիներէն մէկուն խորհուրդը բաժնել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի համալիրէն ներս համախմբուած հաւատացեալներու հետ։ Անդրադառնալով մեր պատմական եկեղեցիներու խորհուրդին՝ Պատրիարք Հայրը դիտել տուաւ, որ սրբութիւններու մէջ թրծուելով՝ երբեմն անոնց արժէքի գիտակցութենէն կը հեռանանք։ «Մեր հին տաճարները Աստուծոյ արքայութեան մարմնացեալ յուշարձանները կը հանդիսանան։ Ճշմարիտ օրհնութիւնը, Քրիստոսի զօրութիւնը կը փոխանցուին մեզի մեր հին տաճարներուն մէջ։

Մայր Աթոռէն լոյս կը ճառագայթէ Հայաստանի եւ ամբողջ աշխարհին վրայ», ըսաւ Նորին Ամենապատուութիւնը եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած Գարեգին Բ. Վ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին համար։ Պատրիարք Հայրը շեշտեց, որ Վեհափառ Հայրապետը տեսիլքներ ունի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը զօրացնելու ուղղութեամբ եւ Աստուծոյ օգնութեամբ այդ տեսիլքները կեանքի կը կոչուին մի առ մի։ Իր խօսքով՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը Քրիստոսի ծրագիրն է եւ առ այսօր կը շարունակուի։ Այս բոլորի լոյսին տակ Պատրիարք Հայրը պոլսահայ ժողովուրդի եղբայրական սէրը փոխանցեց ներկայ հաւատացեալներուն եւ ըսաւ. «Մենք նո՛յն աւազանին մէջ մկրտուած ենք, նոյն միւռոնով դրոշմուած ենք, հետեւաբար մեր միութիւնը յաւերժ է։ Ուր որ հայ մը կայ, մեր սիրտը կը բաբախի անոր համար եւ բաներ մը պէտք է ընենք մեր ազգին համար»։

Աւելի վերջ Պատրիարք Հայրը ծանրացաւ Արտաքսման Կիրակիի խորհուրդին եւ իմաստին վրայ։ Ան դիտել տուաւ, որ մեղքի բերումով մարդուն դրախտէն արտաքսման կը վերաբերի մեծպահոց շրջանի այս կիրակին։ Աստուած մարդ արարածի հոգիին մէջ դրած է կատարելութեան, կատարեալին հասնելու ձգտումը։ Այդ ձգտումը, իրականութեան մէջ, նոյնինքն Աստուծոյ հասնելու ձգտումն է։ Կեանքի տեւողութեան մարդ արարածը կ՚ունենայ զանազան որոնումներ եւ կը պարտաւորուի զանազան նախընտրութիւններ ընել։ Ընդհանրապէս, բարիի եւ չարի միջեւ պայքար մը մղելէ աւելի մարդ հակասութիւններ կ՚ապրի բարիներու կամ չարերու միջեւ նախընտրութիւններ ընելու տեսակէտէ։ «Դուք ձեր ընտրութիւնը լաւ կատարեցէք։ Արարիչը ընտրեցէք, ոչ թէ արարածը։ Այլապէս դրախտէն դուրս կը մնաք», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ բացատրեց, որ մարդ արարածը Աստուծոյ հետ խնդիր մը չունի, բայց Աստուծոյ խօսքերուն հետ խնդիր կ՚ունենայ յաճախ։ Ամէն մարդ զԱստուած կը սիրէ, բայց համապատասխանօրէն Աստուծոյ խօսքը չի սիրեր կամ Աստուծոյ խօսքին չի հնազանդիր։ Աստուծոյ հրամաններուն եւ Աստուծոյ կամքին հետ կ՚ապրի որոշ հարցեր կամ կը դիմագրաւէ դժուարութիւններ։ Աստուծոյ կամքը մեզի կը հասնի անոր խօսքով, իսկ մարդ արարածը իւրաքանչիւր մեղքով Աստուծմէ կը տրուի։

Նորին Ամենապատուութիւնը օրինակով մը շարունակեց իր քարոզը։ Ան բացատրեց, որ լիճէ մը, գետէ մը առնուած քարը երբ շօշափենք, ան թաց է, իսկ եթէ այդ քարը կոտրենք, կը տեսնենք, որ անոր մէջի մասը չոր է, այսինքն ջուրը չէ թափանցած այնտեղ։ Ճիշդ այս օրինակով Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մաղթեց, որ Աստուծոյ խօսքը պէտք է թափանցէ մարդ արարածին խորքը։ «Ձեզ կը յանձնեմ Աստուծոյ խօսքերուն։ Ձեր մէջ ըլլան անոնք։ Սնուինք, զօրանանք եւ լուսաւորուինք Աստուծոյ խօսքերով», եզրափակեց իր քարոզը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։

Ս. Պատարագի արարողութենէն վերջ Վեհափառ Հայրապետը եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը միասնաբար անցան վեհարան, ուր կէսօրին ճաշեցին իրարու հետ։