ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԷՅՈՒՊԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Kategori: Համայնքային

55Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 8 Յունիս 2005 Չորեքշաբթի ժամը 10.00-ին Գնալը Կղզիի Պատրիարքարանին մէջ ընդունեց ԷյուպիՍ. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յանձինս՝ Ատենապետ՝ Արթօ Արմանի եւ անդամներ՝ Յարութիւն Սաֆրազեանի եւ Եըլմազ Այանեանի։

Թաղային Խորհուրդի անդամները Նորին Ամենապատուութեաններկայացուցին իրենց 2004 թուականի ելեւմտից հաշուեկշիռը, ըստ որուն եկեղեցւոյ անցեալ տարուան պիւտճէն կարելի եղած է փակել19,620 ՆԹԼ-ով։

60 տուն հայազգի բնակիչ ունեցող թաղին մէջ, հոգեւորականիչգոյութեան պատճառաւ Ս. Պատարագ կը մատուցուի միայն ամիսըմէկ անգամ, այդ ալ Շաբաթ օրով, որուն պատճառաւ թաղիբնակիչներուն կարեւոր մասը գործի բերմամբ կը զրկուի հոգեւորմատակարարութենէ։ Թաղամասին՝ Ազգային Պատրիարքարանիկողմէ նշանակուած Այցելու Հովիւն է Արժ. Տ. Կարապետ Քհնյ.Թէրզեան։ Թաղը ունի նաեւ բազմաթիւ աղքատներ, որոնց Թաղային Խորհուրդը երբեմն երբեմն մթերք կը բաժնէ։ Թաղեցիներումեծամասնութիւնը Քասթամոնուէն Պոլիս գաղթած հայրենակիցներ են,որոնց մէջ սակաւ է հայախօսներու թիւը։

Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց Թաղային Խորհուրդիարուարձանային այս գողտրիկ եկեղեցւոյ կանթեղը վառ պահելուհամար տարած ջանքերը։ Ամենապատիւ Տէրը յաջողութիւն մաղթեցնաեւ եկեղեցւոյ Մատաղօրհնութեան հանդիսութեանց առիթով, որոնքաւանդաբար կը կատարուին Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածնի Տօնին (այստարի՝ 19 Յունիսին)։