ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐՆ ՕՐՀՆԵՑ ՀԱՅԱԶԳԻ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐՈՒ ԽՈՒՄԲԸ

Kategori: Աշխարհական

118Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 16 Յուլիս 2005 Շաբաթերեկոյեան, Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ պարտէզինմէջ ընդունեց լիբանանահայ եւ ամերիկահայ ուխտաւորներու խումբմը, առաջնորդութեամբ Աւետիս Չափարեանի։

Խումբի անդամները կը վերադառնային Թուրքիոյ պատմական ուտեսարժան վայրերը, որոնք առընչուած էին Հայ ժողովուրդիպատմութեամբ, եւ հուսկ՝ եկած էին Պոլիս։ Այցելուները ներկայգտնուեցան Գնալը Կղզիի հաւաքական մկրտութեան։

Աւելի յետոյ, Նորին Ամենապատուութիւնը զրուցեց հիւրերուն հետ, որուաւարտին Աւետիս Չափարեան շնորհակալութիւն յայտնեց այսընդունելութեան համար։