ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Կարճ լուրեր,Համայնքային

mesut yilmaz

Ինչպէս ծանօթ է, նախկին վարչապետներէն ու Անավաթան Կուսակցութեան նախկին Պետ՝ Մէսուտ Եըլմազ կորսնցուցած է իր կեանքը։ Այս առթիւ, Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հայրը ցաւակցագիրեր ուղարկած է Հանրապետութեան Նախագահ՝ Վսեմաշուք Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղանին, Անավաթան Կուսակցութեան կուսակցապետ՝ Իպրահիմ Չէլէպիի։ Պատրիարք Հայրը շեշտած է, թէ հանգուցեալը նկարագրին ու քաղաքական գետնի վրայ իր ունեցած ծառայութիւններուն շնորհիւ միշտ պիտի յիշուի։ Նորին Ամենապատուութիւնը հեռախօսային կապ հաստատած է նաեւ հանգուցեալին այրիին՝ Պէռնա Եըլմազի հետ ու փոխանցած՝ իր ցաւակցութիւնները։