ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԵՑԱՒ ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՒԱԳԱՆԻԻ ԿՈՂՄԷ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 14 Յունուար 2020, Երեքշաբթի, առաւօտ, Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ՝ Վսեմաշուք Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի պաշտօնական այցելութիւն տալու համար մեկնեցաւ Անգարա։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերակցեցան՝ Պատրիարքական Աթոռոյ Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ՝ Պետրոս Շիրինօղլու։

2020 CUMHURBASKANI 1

Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրն ու ընկերակիցները, ժամը 15.00-ին, Պէշթէփէի Նախագահական Պալատին մէջ հիւրընկալուեցան Վսեմաշուք Նախգահին կողմէ։ Մօտ 1 ժամուան հանդիպման պահուն, Նախագահ Էրտօղանը շնորհաւորեց Պատրիարք Սրբազան Հօր որպէս Պատրիարք ընտրութիւնը եւ շնորհաւորական խօսքեր ուղղեց։ Նախագահը ուրախ էր, քանի Հայ Համայնքը տիրացած էր իր Հոգեւոր Պետին։ Ինք շեշտեց թէ Հայ Համայնքը եւս իր անուրանալի արժէքը ունի երկրէ ներս եւ ինք որպէս նախագահ ուշադրութեամբ կը մօտենայ այս պատմական արժէքի հոգածութեան։ Սոյն հանգրուանով, Հայ Համայնքի համայնքային կեանքէն ներս նոր էջ մը կը բացուէր եւ մաղթեց որ բարեբեր ըլլլար այս մէկը։ Պատրիարք Հայրը, իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած ջերմ ընդունելութեան համար։ Իր այցելութիւնը պաշտօնական բնոյթ ունէր եւ որպէս Պատրիարք յանուն ազգին շնորհակալութեան համար կը ներկայանար Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահին։ Շնորհակալութիւն յայտնեց, քանի Մեսրոպ Պատրիարքի վախճանումէն յետոյ, համայնքը վայելած էր նաեւ պետութեան հովանին եւ յաջողութեամբ պսակուած ըլլալով ընտրութեան գործընթացը, ժողովուրդը տիրացած էր իր Հոգեւոր Առաջնորդին։ Ընդունելութեան առիթով համայնքային կեանքի մասին գաղափարի փոխանակումներ եւս տեղի ունեցան։ Հանդիպման աւարտին փոխադարձ նուէրներու յանձնումը կատարուեցաւ։

2020 CUMHURBASKANI 2

Նախգահական Պալատի մէջ իրականացած հանդիպումէն յետոյ, Պատրիարք Հայրն ու ընկերակիցները, այցելութիւն տուին Արտաքին Գործոց Նախարար՝ Մէվլիւթ Չավուշօղլուին եւ Ստանպուլի երբեմնի կուսակալ, իսկ այժմու՝ Անգարայի Կուսակալ՝ Վասիփ Շահինին։

DISISLERI 2

Հանդիպումներու ընթացքին, մեծայարգ նախարարն ու կուսակալը, իրենց խնդակցութիւնները յայտնեցին Հայոց Պատրիարքին։ Նոր պաշտօնի մէջ յաջողութիւն ու կարողութիւն մաղթեցին իրեն։ Նորին Ամենապատուութիւնը եւս իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Պետական աւագանիին, հայ համայնքի նկատմամբ ցուցաբերուած բարեխիղճ մերձեցումին համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը մաղթեց որ, սոյն ընտրութիւնը ո՛չ միայն համայնքին, այլ՝ բոլոր երկրին համար օրհնութեան առիթ դառնայ։

2020 VASIP SAHIN

Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրն ու ընկերակիցները, նոյն գիշեր օդային ճամբով վերադարձան Ստանպուլ։