ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԴԷՊԻ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Kategori: Եկեղեցական,Կարճ լուրեր,Կրօնական,Համայնքային

Ն.Ա.Տ. Սահակ Սրբազան Պատրիարք Հայրը, 28 Փետրուար 2020, Ուրբաթ, երեկոյեան ժամերուն հասաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Սա Նորին Ամենապատուութեան առաջին արտասահմանեան ուղեւրութիւնն է՝ պատրիարքական գահ բարձրանալէ վերջ։ Նորին Ամենապատուութեան կ՚ընկերակցէին Պատրիարքական Աթոռոյս Լուսարարապետ եւ Դիւանապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան եւ գաւազանակիր՝ Արժ. Տ. Շիրվանք Քհնյ. Միւրզեան։

TİFLİS (5)

Պատրիարք Սրբազան Հօր առաջին կայանը եղաւ, Վրաստան եւ տեղւոյն օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Վրաստանի Թեմի Առաջնորդական Տեղապահ Հոգշ. Տ. Կիրակոս Վրդ. Դաւթեանի կողմէ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ ընկերակիցները օդակայանէն առաջնորդուեցան Թիֆլիզի Ս. Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցի։ Ան պատմական եկեղեցւոյ մէջ ուխտի կարճ աղօթք մը ըրաւ եւ արտասանեց օրհնութեան խօսք մը։ Տ. Կիրակոս Վրդ. Դաւթեանն ալ ողջունեց Նորին Ամենապատուութեան ներկայութիւնը։ Այս պատմական եկեղեցւոյ համալիրէն ներս կը գտնուի հայկական երաժշտութեան մեծ դէմքերէն Սայաթ Նովայի շիրիմը։ Այս առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը աղօթք մը արտասանեց մեծ աշուղի հոգւոյն համար եւ իր ընկերակիցներուն հետ նկարահանուեցաւ անոր շիրմին շուրջ։ Յարակից Առաջնորդարանի երդիքին տակ աւելի վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հիւրասիրուեցաւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Տ. Կիրակոս Վրդ. Դաւթեան կէսօրին ճաշասեղանով մըն ալ մեծարեց Նորին Ամենապատուութիւնը եւ իր ընկերակիցները։ Թիֆլիզի ճաշարաններէն մէկուն մէջ կազմակերպուած ճաշկերոյթէն վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը առաջնորդուեցաւ «Ամենայն հայոց բանաստեղծ» Յովհաննէս Թումանեանի տունը, որ կը գտնուի պատմական Թիֆլիզի սրտին վրայ եւ այսօր վերածուած է մշակոյթի կեդրոնի մը։ Պատասխանատուներուն ուղեկցութեամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կատարեց շրջայց մը, ստորագրեց պատուոյ տոմարը եւ հիւրասիրուեցաւ թէյասեղանով մը։ Օրուան տեւողութեան Նորին Ամենապատուութիւնը այցելեց նաեւ Խոջիվանքի նշանաւոր պանթէոնը, ուր կը գտնուին արեւելահայ հեղինակաւոր մտաւորականներու շիրիմները։ Այսպէսով տարանցիկ կեցութեան ժամերը աւարտելէ վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դարձեալ առաջնորդուեցաւ Թիֆլիզի օդակայանը, ուրկէ երեկոյեան ժամերուն օդային ճամբով հասաւ Երեւան։

TİFLİS (1)

Երեկոյեան ուշ ժամերգուն, Զուարթնոց Օդակայանին մէջ Պատրիարք Հայրը դիմաւորուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արարողակարգի բաժնի տնօրէն Գերշ. Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեանի, Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի պատասխանատու Գերպ. Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեանի եւ Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Գերպ. Տ. Զաքարիա Ծ. Վրդ. Բաղումեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը եւ ընկերակիցները օդակայանի պատուոյ սրահին մէջ առին կարճ հանգիստ մը եւ աւելի վերջ ուղղուեցան դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։

etchmiadzin (1)

Նորին Ամենապատուութեան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին ժամանումէն յետոյ, Սրբոց Հրեշտակապետաց մատրան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ «Հրաշափառ»ի արարողութիւն։ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութեան ներկայացուցիչները թափօր կազմելով եկեղեցի առաջնորդեցին Պատրիարք Հայրը։ Մեծ պահոց խորհրդաւոր օրերու մթնոլորտին մէջ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեանի հետ Նորին Ամենապատուութիւնը սաղմոս քաղեց եկեղեցւոյ փակ խորանին առջեւ։ Ներկայ էին Գերշ. Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան, Գերշ. Տ. Տաթեւ Արք. Սարգսեան, Գերշ. Տ. Յովնան Եպս. Յակոբեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Գերշ. Տ. Մուշեղ Եպս. Պապայեան, Եկեղեցական հայեցակարգային հարցերու գրասենեակի տնօրէն Գերշ. Տ. Վազգէն Եպս. Միրզախանեան, Վանօրէից տեսուչ Գերշ. Տ. Արտակ Եպս. Տիգրանեան, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քարոզչական կեդրոնի տնօրէն Հոգշ. Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Լուսարարապետ Յովնան Եպիսկոպոսը, Սուրբ Էջմիածնի միաբանութեան անունով ողջունեց Պատրիարք Հայրը։

etchmiadzin (4)

Իր կարգին, Նորին Ամենապատուութիւնն ալ գոհունակութիւն եւ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ իրեն պարգեւած էր այս խորհրդաւոր պահը։ «Կեանքիս ամենաարդիւնաբեր տարիները այս սուրբ տարածքին մէջ անցան։ Գործեցի որպէս Սուրբ Էջմիածնի միաբան։ Եպիսկոպոս ձեռնադրուելէ վերջ արդէն Սուրբ Էջմիածնի միաբանութեան անդամ դարձայ՝ որպէս ձեր եղբայրը։ Եկած եմ իմ տունս։ Ես ինքզինքս կը զգամ ընտանիքիս մէջ։ Այստեղ կը զգամ նոյն ջերմութիւնը եւ նոյն սրբութիւնը», ըսաւ Պատրիարք Հայրը՝ շեշտը դնելով մէ՛կ եկեղեցի, մէ՛կ ազգ եւ մէ՛կ ապագայ գաղափարին վրայ։ Նորին Ամենապատուութիւնը նշեց, որ հոգեւորականաց դասը Տէր Յիսուս Քրիստոսի բանակը կը համարուի։ «Ուր որ ալ ըլլանք՝ մեր աղօթքը ուղղած ենք դէպի Սուրբ Էջմիածին։ Սա իմ առաջին այցելութիւնն է որպէս պատրիարք, բայց ոչ վերջինը։ Պիտի պանծացնենք Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին», ըսաւ Պատրիարք Հայրը «Հրաշափառ»ի արարողութեան ընթացքին։

etchmiadzin (2)

«Հրաշափառ»ի արարողութենէն վերջ Նորին Ամենապատուութիւնը առաջնորդուեցաւ վեհարան, ուր դիմաւորուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ։ Վեհափառ Հայրապետը եւ Նորին Ամենապատուութիւնը ողջագուրուեցան ջերմօրէն։ Այս սիրալիր դիմաւորումէն վերջ Նորին Սրբութիւնը եւ Պատրիարք Հայրը բարձրացան վեհարանի գահասրահը։ Այստեղ Վեհափառ Հայրապետը եւ բոլոր ներկաները նախ արտասանեցին Տէրունական աղօթքը, որմէ վերջ փոխանակուեցան ճառեր։ Ներկայ էին Գերշ. Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան, Գերշ. Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Գերշ. Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան, Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան, Հոգշ. Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Տեղակատուութեան համակարգի տնօրէն Արժ. Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան եւ այլ եկեղեցականներ։

Վեհափառ Հայրապետը ուրախութիւն յայտնեց Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի նոր ազգընտիր գահակալը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ողջունելու առիթով։ Ան մաղթեց, որ Տիրոջ շնորհները հեղուին նորընտիր գահակալին վրայ եւ ան իր հօտը իմաստութեամբ եւ արդիւնաւէտութեամբ առաջնորդէ։ Նորին Սրբութիւնը կարեւորեց, որ երկար տարիներ վերջ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը կ՚ունենայ իր նոր գահակալը։ Ան մաղթեց, որ Աստուած ուժ եւ կորով տայ՝ ծանր պարտականութիւնները իրականացնելու ճանապարհին։ Վեհափառ Հայրապետը յոյս յայտնեց, որ պատրիարքութիւնը պիտի շարունակէ օգտաշատ ծառայութիւնը՝ հոգեւոր կեանքի շինութեան համար։ Վեհափառ Հայրապետը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր մասին՝ յիշեցնելով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գործած տարիներուն անոր կողմէ ծաւալուած հսկայական աշխատանքը։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց այդ սպասաւորութեան նախանձախնդրութիւնն ու անձնուրաց բնոյթը։ Վեհափառ Հայրապետը քաղցրութեամբ վերյիշեց նաեւ իր Պոլիս կատարած անդրանիկ ու ցայսօր միակ հովուապետական այցելութիւնը։ Այդ յիշատակներու լոյսին տակ Նորին Սրբութիւնը արձանագրեց, որ ականատես դարձած է պոլսահայութեան հաւատքի ջերմութեան, սիրոյն եւ յարգանքին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նկատմամբ։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ իր ականատես եղածը համահունչ էր երանաշնորհ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի կողմէ փոխանցուած տպաւորութիւններուն։ Ուստի, ան շեշտեց, որ նման զօրեղ հաւատքով հօտի մը կողմէ ընտրուած է նոր պատրիարքը, որուն տուաւ իր օրհնութիւնն ու յղեց յաջողութեան մաղթանքը։

etchmiadzin (7)

Իր կարգին, Պատրիարք Հայրն ալ խորապէս երախտագիտութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին եւ վեհարանի գահասրահին մէջ Նորին Սրբութեան ներկայութեամբ արտայայտուեցաւ իսկապէս դիպուկ խօսքերով։ Նորին Ամենապատուութիւնը դիտել տուաւ, որ պոլսահայութեան աղօթքներուն մէջ միշտ տեղ ունին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինն ու Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը։ «Մենք կը զօրանանք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը եւ Վեհափառ Հայրապետը յիշելով», ըսաւ ան ու կրկնեց, որ իր կեանքի ամենաարդիւնաւէտ վեց տարիները անցած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ունեցած ծառայութեամբ։ Պատրիարք Հայրը դիտել տուաւ, որ այդ տարիներու ընթացքին իր ներդրումը բերած է շուրջ 200 եկեղեցականներու պատրաստութեան։ Իր տարած ամբողջ աշխատանքներուն ի նպաստ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ ցուցաբերուած զօրակցութեան համար ալ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կրկնեց իր երախտագիտութիւնը։ «Աղօթեցէք, որ Աստուած նոր իմաստութեամբ օժտէ այս նոր պատրիարքը», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը վեհարանի երդիքին տակ։ Մինչ այդ, Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց, որ Սուրբ Էջմիածնի տարածքին աչքի կը զարնէ բարձրացող քաղաք մը։ Ան ըսաւ, որ Վեհափառ Հայրապետի ջանքերուն շնորհիւ աչաշլաց յաջողութիւններ կ՚արձանագրուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, ուստի, ան մաղթեց, որ Նորին Սրբութեան գաւազանը միշտ ըլլայ զօրաւոր։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խօսքին մէջ յստակօրէն շեշտեց նաեւ պոլսահայութեան հաւատարմութիւնը եւ որդիական հնազանդութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նկատմամբ։

Վեհափառ Հայրապետն ալ մաղթեց, որ Բարձրեալն Աստուած հաւատքով զօրացնէ նորընտիր պատրիարքը եւ փառաւորէ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը։ Այս ջերմ արտայայտութիւններու փոխանակումէն վերջ աւարտին հասաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր դիմաւորումը, երբ արդէն ժամն ալ բաւական ուշ էր։

Video: https://www.facebook.com/holyetchmiadzin/posts/10157041652381408

 

  • TİFLİS (4)
  • TİFLİS (5)
  • TİFLİS (2)
  • TİFLİS (1)
  • TİFLİS (3)
  • TİFLİS (6)
  • etchmiadzin (1)
  • etchmiadzin (4)
  • etchmiadzin (6)
  • etchmiadzin (2)
  • etchmiadzin (3)
  • etchmiadzin (5)
  • etchmiadzin (7)