Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռը 11 Յունուար 2020-ին օժտուած էր 85րդ գահակալով՝ յանձին Ամենապատիւ Տէր Սահակ Սրբազան Եպիսկոպոսի։ 11 Յունուար 2021, Երկուշաբթի, ժամը 16.00-ին, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ, Նորին Ամենապատուութեան գահակալութեան առաջին տարեդարձին առիթով գոհաբանական աղօթք տեղի ունեցաւ։ Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Աթոռոյս հոգեւորականաց դասը, ինչպէս նաեւ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ Ատենապետ Հրանդ Մոսքոֆեանի։ Նկատի ունենալով թագաժահրի (քորոնա) համավարակը՝ արարողութիւնը կատարուեցաւ նախատեսուած սահմանափակումներով։
Ժամը 16.00-ին Նորին Ամենապատուութիւնը, թափորով առաջնորդուեցաւ Մայր Տաճար, ուր կատարուեցաւ Երեկոյեան Ժամերգութիւն եւ Նախատօնակ։Ապա, կատարուեցաւ Պատրիարքական Աթոռոյ Մաղթանք, որու ընթացքին ներկաներ աղօթեցին Հայ Եկեղեցւոյ ու Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ անսասանութեան, ինչպէս նաեւ Պատրիարք Սրբազան Հօր արեւշատութեան համար։ Մաղթանքի աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը օրհնեց Պատրիարքական դարաւոր Աթոռն եւ մեր համայնքը։
Արարողութեան աւարտին, Պատրիարք Հայրը իր պատգամը տուաւ, գոհութիւն եւ փառք մատուցանելով առ Աստուած։ Յայտնեց թէ՝ անցեալ տարի մեր համանյքը տիրացած էր իր նոր գահակալին եւ սկիզբ առած էր Պատրիարքական Աթոռոյ նոր շրջանը։ Օրերը շուտ անցած էին եւ հասած էր գահակալութեան տարեդարձը։ Ճիշդ է թէ՝ բազում ծրագիրներ ի գործ դնելու շրջանը հասած էր, սակայն թագաժահրի (Քորոնա) համավարակը դժբախտաբար տակնուվրայ ըրած էր մարդկային իրականութիւնը։ Սակայն եւ այնպէս, այս շրջանին Պատրիարքական Աթոռոյ ամենէն կարեւոր յառաջդիմութիւններէն մին եղած էր ընկերային ցանցերու օգտագործումը եւ ժողովուրդին հասնելու միջոցներ գտնելը։ Մաղթեց որ թագաժահրի համավարակը հեռանայ մարդկային իրականութենէն ու Պատրիարքական Աթոռը առաւել եւս թափ ստանալով կեանքի կոչէ զանազան ծրագիրները։ Այս առիթով մեր Հոգեւոր Պետը շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեւորականաց դասուն եւ ժողովուրդին, քանի անոնք համախմբուած էին Աթոռոյ եւ Աթոռակալին շուրջ ու բարոյական եւ նիւթական իրենց ներդրումը չէին զլանար Աթոռէն։ Իր խօսքերու աւարտին, Պատրիարք Հայրը մաղթեց որ Պատրիարաքան Աթոռը տակաւին բազում տարիներ մնայ անսասան ու դառնայ մնայուն վկայութիւնը մեր նախնեաց։
Արարողութեան աւարտին, Նորին Ամենապատուութիւնը շարականներու երգակցութեամբ առաջնորդուեցաւ խորհրդարան, ուր ներկաներ շնորհաւորեցին մեր Հոգեւոր Պետը։
Video: https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate/videos/802851826960038/