ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային

Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի, եւ Խորհուրդի Ատենապետ Մէսուտ Էօզտէմիրի 25 Հոկտեմբեր 2019, Ուրբաթ ժամը՝ 10.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի կողմէ։

 

Անոնք Նորին Սրբազնութիւնը հրաւիրեցին նախագահելու իրենց աւանդական մատաղօրհնութեան, որ պիտի կայանայ 10 Նոյեմբեր 2019 Կիրակի՝ Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ մէջ։

 

Անոնք Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայրը տեղեակ պահեցին նաեւ Եկեղեցւոյ եւ Տատեան Վարժարանի հետ առնչուած զանազան հարցերու մասին։

2019 BAKIRKOY MADAGH

Տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան եւ փոխանցուած տեղեկութեանց համար։ Ան գնահատեց իրենց ծառայութիւնը  ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց։