ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՄՕՏԱԼՈՒՏ ՀԱՄԵՐԳԻՆ ՀԱՄԱՐ ՄԵՐ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԻՆ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԽՆԴՐԵՑ

Kategori: Համայնքային

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 22 Ապրիլ 2005, Ուրբաթ, ժամը14.30ին ընդունեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի ԵկեղեցւոյՍրբոց Քառասնից Մանկանց Դպրաց Դաս Երգչախումբի տնօրէնխորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ թաղի երէց Արժ. Տ. Եղիա Քհնյ. Քէրվանճեանի։

Այցելուները Նորին Ամենապատուութենէն արտօնութիւն խնդրեցին,որպէսզի եկեղեցական երգչախումբը եկեղեցիէ դուրս Տատեան Վարժարանի 160ամեակի առիթով համերգ մը սարքէ քաղաքապետարանի սրահներէն մէկուն մէջ, 29 Մայիս 2005թուականին։

Պատրիարք Հայրը օրհնեց երգչախումբի տարած աշխատանքները եւ տուաւ իր հովանաւորութիւնը կատարելի համերգին։