ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, 4 Ապրիլ 2018, Չորեքշաբթի յետ միջօրէին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

 

Թաղային Խորհուրդի անդամները Նորին Սրբազնութեան ուշադրութեան յանձնեցին Եկեղեցւոյ շէնքի վիճակը, որ կը կարօտէր խնամքի, յատկապէս ներկարարական ու բարեզարդման։ Առ այդ, կը փափաքէին փակել եկեղեցին պաշտամունքի 15 Ապրիլ 2018էն սկսեալ մինչեւ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը, որպէսզի կատարուէին ծրագրուած աշխատանքները։

 BAKIRKOY KILISE

Անոնք Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայրը տեղեակ պահեցին նաեւ Եկեղեցւոյ հետ առնչուած զանազան հարցերու մասին եւ եղան կարծիքի փոխանակումներ։

 

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան եւ փոխանցուած տեղեկութեանց համար։ Ան սիրով ընդառաջեց եղած խնդրանքին, գնահատեց իրենց ծառայութիւնը  ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց։

 

Այսու կը հաղորդուի մերազն ժողովուրդի անդամներուն, թէ Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցին փակ կը մնայ 15 Ապրիլ 2018 թուականէն մինչեւ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը, ներկարարական ու բարեզարդման աշխատանքներու յամար։