Պեզճեան Սանուց Միութիւն, Գումգաբու

(Molataşı Caddesi No: 36, 34130 Kumkapı)
Հեռ.՝ (0212) 512-4815

Հիմնուած է 1950-ին Գումգաբու թաղին մէջ: Հիմնուած օրէն ցայսօր Միութեան անդամներ եւ աջակիցներ իրենց ջանքերով կը շարունակեն օգտակար ըլլալ համայնքիս: Միութիւնն ալ նկատի ունենալով ներկայ պայմանները, կը շարունակէ իր ծառայութեան: Յանուն երիտասարդներու միասնականութեան, միութիւնը կը կազմակերպէ պտոյտ, խրախճանք եւ նման ընկերային գործունէութիւններ: Ասոր քով կը շարունակուին ոտնագնդակի, պասքէթպոլի, բինկ-բոնկի, թատրոնի, ֆոլքլորի եւ երգչախումբի աշխատութիւններ:

2006ին Պէզճեանի սան՝ Զագէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի միջոցաւ միութեան նորոգութիւնը կատարուած է Շիշլիի Քաղաքապետութեան կողմէ ու բարերարներու աջակցութեամբ: