ՊԵՏՐՈՍ ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒ ԵՒ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՇԱՆԼԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

19905077_795870093906209_913044746003306378_nՍուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ՝ Տիար Պետրոս Շիրինօղլու եւ Կէտիկփաշայի Սուրբ Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի Ատենապետ Տիար Յարութիւն Շանլը 10 Յուլիս 2017 Երկուշաբթի, ժամը 15.15ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Գարեգին Ս. Արքեպս. Պէքճեանի կողմէ։ Այցելութեան ներկայ էն նաեւ Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ ատենապետ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։

Քաղաքավարական այցելութեան ընթացքին հիւրերը յայտնեցին, թէ նեցուկ կը կանգնին Տեղապահ Սրբազան Հօր իր վարչական եւ յատկապէս պատրիարքական ընտրութիւնը կազմակերպելու կապակցութեամբ տարած աշխատանքներուն մէջ։

Մտերմիկ երկխօսութեան ընթացքին Տիար Պետրոս Շիրինօղլու նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Տեղապահ Սրբազան Հօր, որ իր անձին նկատմամբ ցուցաբերած վստահութեամբ զինքը արժանի տեսած էր Պատրիարքական Ընտրութեան Նախաձառնարկ Մարմնի անդամակցութեան հրաւիրելու։ Ապա բանիւ բերանոյ յայտնեց Պատրիարքական Ընտրութեան Նախաձառնեարկ Մարմնի անդամակցութենէ հրաժարման պատճառները եւ կրկնեց որ ի զօրու էին իր գրաւոր հրաժարականի մէջ նշուած կետերը, յատկապէս ընդգծելով թէ թիւրիմացութեան որեւէ պատճառ գոյութիւն չունէր իր եւ Պատրիարքական Աթոռին միջեւ։

Տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց, սոյն քաղաքավարական այցելութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց համայնքանուէր գործունէութեանց մէջ։