Պէզճեան Մայր Վարժարան, Գումգաբու

(Sevgi Sok. No. 1, 34130 Kumkapı)
Հիմնադիր՝ Նուրհան Ճէմճէմ Տնօրէն՝ Թալին Նայիր
Հեռ.՝ (0212) 517-0948, (0212) 517 24 75 ֆաքս՝ (0212) 516-9932
Ել-նամակ՝ bezciyan_io@hotmail.com Կայքէջ՝ http://www.bezciyan.k12.tr

Պոլսոյ առաջին հայկական վարժարանը բացուած է Գումգաբուի մէջ, 1790ին, Շնորհք Մկրտիչ Ամիրա Միրիճանեանի բարերարութեամբ։ 1826ին մեծ հրդեհ մը Պատրիարքարանն ու վարժարանը մոխրակոյտի կը վերածէ։ 1830-ին Յարութիւն Ամիրա Պէզճեանի բարերարութեամբ կը վերակառուցուի։ Պեզճեան, որ խօսելու, համոզելու, գործակցելու բացառիկ ձիրք ունէր, արքունիքէն ներս մեծ վստահութիւն ու սէր կը վայելէր։ Այս պատճառով ալ մեծապէս օգտակար հանդիսացած է մեր համայնքին՝ բարեսիրական ծառայութիւններով։ Ա. Աշխարհամարտէն ետք, 1916-17 տարիներուն հրդեհ մը վարժարանին մէջ վնաս կը պատճառէ, բայց 1925ին նորոգուելով կը վերաբացուի։ 1945ին կրթական նախարարութեան արտօնութեամբ միջնակարգ վարժարանի կը վերածուի։

Վարժարանը այժմ մանկապարտէզ, նախակրթութեան ու միջնակարգի բաժիններով կը գործէ։