ՊԷԼՃԻՈՅ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական

belcikaՊէլճիոյ աւագ հիւպատոս Հէնրի Վան Թիէկըմ, 4 Ապրիլ 2013, Հինգշաբթի, ժամը 10.30-ին, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Մեծայարգ հիւրը յայտնեց թէ եկած էր Ս. Յարութեան Տաղաւարը շնորհաւորելու եւ Հայ համայնքի հետ առընջուած այլ նիւթերու շուրջ տեղեկութիւններ ստանալու։  Հէնրի Վան Թիէկըմ, մանաւանդ հետաքրքուեցաւ Սուրիահայերու վերջին  վիճակին հետ։

Նորին Սրբազնութիւնը բարի գալուստ մաղթեց ու շնորհակալութիւն յայտեց քաղաքավարական այս այցելութեան համար։ Նաեւ տեղեկութիւններ տուաւ Սուրիահայերու ի նպաստ կատարուած օժանդակութեան աշխատանքներու մասին։