ՊԷԼՃԻՔԱՅԻ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային

Պէլճիքայի նորանշանակ Աւագ Հիւպատոս Սէրժ Տիքշէն, 14 Նոյեմբեր 2019, Հինգշաբթի, ժամը 11.00-ին, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի կողմէ։ Ընդունելութեան ներկայ էր նաեւ Աթոռոյս Դիւանապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

2019 BELCIKA 1

Այցելու Հիւպատոսը եկած էր քաղաքավարական այցելութեամբ՝ ծանօթանալու համար Թուրքիոյ Հայ Համայնքի հոգեւոր կեդրոնին։ Տեղապահ Սրբազան Հայրը ինչ ինչ տեղեկութիւններ փոխանցեց Ստանպուլահայ Համայնքի, Հայ Եկեղեցւոյ ու Պատրիարքական Աթոռոյ մասին։

2019 BELCIKA 2

Մեծայարգ Հիւպատոսը յայտնեց իր գոհունակութիւնը։ Իսկ Տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան առթիւ, նաեւ կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց իր պաշտօնին մէջ։