ՊԷՅՔՈԶԻ Ս. ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ

Kategori: Կրօնական,Համայնքային
odzum23843310_302932446865362_1261954011320612506_nՊէյքոզի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցին, որ բարեզարդման աշխատանքներու պատճառաւ պաշտամունքի փակուած էր, 25 Նոյեմբերք 2017, Շաբաթ, ձեռամբ Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի,
պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։ Ներկայ էին Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան, Արժ. Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հէրկէլեան եւ Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանը։ Ներկաներու շարքին էին նաեւ Վարուժան Մաղաքեանի գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները, քոյր եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներէ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հաւատացեալ ժողովուրդը։

Ժամը 18.00-ին, Եկեղեցւոյ մայր դրան առջեւ կատարուած Դռնբացէքի Արարողութենէն յետոյ, ներկաներ մուտք գործեցին եկեղեցի։ Արտասանուած նաւակատիքի արարողութեան աղօթքներէն յետոյ, Նորին Սրբազնութիւնը Սրբալոյս Միւռոնով օծեց Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ աւագ խորանը, գովնտի Ս. Սեղանները, մկրտութեան աւազանը եւ գովնտի մատուռներու Ս. Սեղանները, որոնք նուիրուած են Ս. Յարութեան եւ Ս. Ստեփանոսի։

Նաւակատիքի արարողութեան աւարտին, կատարուեցաւ Երեկոյեան Ժամերգութիւն։ Արարողութեան աւարտին քարոզեց Նորին Սրբազնութիւնը եւ անդրադարձաւ եկեղեցւոյ համանուն սուրբի վարքին եւ ըսաւ. «Ս. Նիկողայոս, Քրիստոսի խօսքէն ազդուելով թէ՛ թողած էր իր ունեցած հարստութիւնը եւ թէ՛ հոգեւորական դառնալով, առանց իր անձը յայտնելու անթիւ բարեգործութիւններ ըրած էր։ Պոլսոյ հեռաւոր այս եկեղեցին ընծայուած է այս սուրբի յիշատակին եւ անցեալէն մեզի հասած պատմական արժէքներէն մէկն է։ Ներկայիս այնպէս մը եղաւ որ, այս եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուած հայերու թիւը նուազեցաւ։ Բայց եւ այնպէս եկեղեցին, Աստուծոյ ողորմութեամբ տիրացաւ որոշ եկամուտներու եւ Ս.Նիկողայոսի նման, այլ եկեղեցիներու եւ կրթական հաստատութիւններու օժանդակել սկսաւ։ Պէյքոզի Եկեղեցին ունի նաեւ իր հաւատարիմ պահապանները, որոնք երկար տարիներէ ի վեր կը հոգան այս եկեղեցւոյ կարիքներուն։ Իրենց աշխատութեամբ, այսօր եկեղեցին բարեզարդուած է եւ իր պայծառութեամբ կը դիմաւորէ հաւատացեալները։ Այս առթիւ կը գնահատենք իրենց ծառայութիւնը»։

23795925_571773996503713_2444001521731381050_n
Ժամերգութիւնը, աւարտին հասաւ միաբերան արտասանուած Տէրունական Աղօթքով։ Արարողութեանց աւարտին, եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սիրոյ սեղան սարքուեցաւ ։

24067778_571773353170444_6558764309362802741_n

Badarak
Իսկ, յաջորդ առաւօտ, պաշտամունքի վերաբացուած 23843489_335673633573091_3437869120805011139_nեկեղեցւոյ մէջ, Ս. Նիկողայոսի Տօնին առթիւ Կիրակնօրեայ արարողութիւններ տեղի ունեցան նախագահութեամբ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի, որուն ձեռամբ եկեղեցւոյ նորաօծ Ս. Սեղանի վրայ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ։ Ս. Սեղանին սպասարկեց նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հէրկէլեանը։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ Գողթան Դպրաց Դաս Երգչախումբի կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Բրկ. Յովսեփ Ուր. Դպ. Գույումճեանի։ Արարողութեան ներկայ եղան Պոլսոյ տարբեր թաղերէն Պէյքոզ եկած բազմաթիւ ուխտաւորներ։ Սրբազան Հայրը, իր խօսքերուն մէջ անգամ մը եւս շեշտեց թէ՝ առանց նկատի ունենալու հեռաւորութիւնը, պէտք է խնամենք մեր բոլոր եկեղեցիները։ Մենք մեր եկեղեցիները, կրթական հաստատութիւնները եւ համայնքային մարմինները, որպէս ժառանգ ստացած ենք մեր նախնիներէն, ուստի պէտք է տէր կանգնինք բոլորին եւ աւանդենք յաջորդ սերունդներուն։ Ս. Պատարագի աւարտի յիշատակուեցան եկեղեցւոյ հոգեւոր սպասաւորները, հիմնադիրները, սպասաւորներն ու բարերները։