ՊԷՅՔՕԶԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Uncategorized

Պէյքօզի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանի, 18 Հոկտեմբեր 2019, Ուրբաթ, ժամը՝ 11.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի կողմէ։

Թաղային Խորհուրդի անդամները Նորին Սրբազնութիւնը հրաւիրեցին նախագահելու Եկեղեցւոյ տօնախմբութեան, որ պիտի կայանայ 23 Նոյեմբեր 2019, Կիրակի։

2019 BEYKOZ

Անոնք Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայրը տեղեակ պահեցին նաեւ իրենց գործունէութեանց մասին։

Տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան եւ փոխանցուած տեղեկութեանց համար։ Ան գնահատեց իրենց արուարձանային Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ համար տարած ծառայութիւնը ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց։