ՊԷՅՔՕԶԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

beykozՊէյքօզի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանի, 16 Ապրիլ 2013, Երեքշաբթի, ժամը 10.00-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ 2 Յունիս 2013, Կիրակի, Կաթողիկէ Ս. Էջմիածնի Տօնին պիտի մատուցուի սատարողաց Ս. Պատարագ, որու աւարտին հանգստեան աղօթքներով պիտի յիշուին եկեղեցւոյ հանգուցեալ սատարողները։  Այցելուները խնդրեցին, Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը եւ փափաք յայտնեցին որ Նորին Սրբազնութիւնը հանդիսապետէ օրուան հանդիսութեան։ Նաեւ տեղեկութիւն տուին իրենց աշխատութեանց մասին։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը գոհունակութիւնը յայտնեց համայնքի հոգեւոր կեդրոնին տրուած այցելութեան համար ու սիրով ընդառաջեց եղած խնդրանքին։ Կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Պէյքօզի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամներուն, իրենց Աստուածահաճոյ ու եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։