ՊԷՅՔՕԶԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Կրօնական,Համայնքային

23472367_857968024363082_472070284213441546_nՊատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 13 Նոյեմբեր 2017, Երկուշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Պէյքօզի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանի։

Այցելուներ տեղեկութիւններ տուին թաղային խորհուրդի աշխատութեանց մասին։ Յայտնեցին թէ՝ եկեղեցին վերջին շրջաններուն կը կարօտէր ներքին բարեզմարդման աշխատութիւններուն։ Անուհետեւ թաղային խորհուրդը այս ուղղութեամբ սկսած էր գործի լծուիլ։ Եկեղեցին այժմ բարեզարդուած ըլլալով, կը սպասէ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը։ Այցելուներ, այս առթիւ Տեղապահ Սրբազան Հօր օրհնութիւնը խնդրեցին եւ կատարելի հանդիսութեանց համար խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։ Պէյքօզի Եկեղեցւոյ պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 25 Նոյեմբեր, Շաբաթ, Ս. Նիկողայոս Հայրապետի Տօնին։ Իսկ, յաջորդ առաւօտ, եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան առթիւ տեղի պիտի ունենան հոգեւոր ու աշխարհիկ հանդիսութիւններ։

Տեղապահ Սրբազան Հայրը, լսելով վարչայիններու փոխանցած դրական տեղեկութիւնները Իր ուրախութիւնը յայտնեց ու գնահատեց եկեղեցւոյ պայծառութեան համար սպասարկող եկեղեցւոյ իւրաքանչիւր անդամը։ Այնուհետեւ յաջողութիւն եւ կարողութիւն մաղթեց, այցելուներուն իրենց գործունէութեանց մէջ։