ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

beyogluՊէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց քարոզիչ՝ Հոգշ. Տ. Շնորհք. Աբղ. Տօնիկեանի եւ թաղի քահանայից դասէն՝ Արժ. Տ. Միւռոն Աւ. Քհնյ. Այվազեանի, 30 Ապրիլ 2015, Հինգշաբթի, ժամը 10.00-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի կը զուգադիպէր 24 Մայիս 2015, Կիրակի, Հոգեգալուստի Տօնին։ Այցելուները, օրուան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդրեցին, Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը եւ տեղեկութիւն տուին Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց եւ Էսայեան Վարժարանի մէջ կատարուած աշխատութեանց մասին։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը սիրով ընդառաջեց եղած խնդրանքին, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի անդամներուն, իրենց Աստուածահաճոյ ու եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։