ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Կրօնական,Համայնքային

Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները, 23 Ապրիլ 2018, Երկուշաբթի, ժամը 11.00-ին, առաջնորդութեամբ Եկեղեցւոյ Քարոզիչ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեանի եւ գլխաւորութեամբ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ՝ Աբիկ Հայրապետեանի այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

BEYOGLU 23 NISAN

Այցելութեան նպատակն էր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը հրաւիրել Եկեղեցւոյ աւանդական անուան տօնախմբութեան, որ կը զուգադիպէր Հոգեգալստեան տօնին՝ 20 Մայիս 2018։

 

Նորին Սրբազնութիւնը Թաղային Խորհուրդին յիշեցուց, թէ նախապէս պահանջած էր Եկեղեցւոյ կալուածոց վիճակագրութիւնը, որուն ի պատասխան անոնք յայտնեցին, թէ կը պատրաստէին սոյն ցանկերը եւ մինջեւ 10 Մայիս 2018 պիտի յանձնուէին զանոնք Պատրիարքական Աթոռ։

 

Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։