ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ Սիմոն Չէքէմի, 3 Սեպտեմբեր 2019, երեքշաբթի, ժամը 14.00-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի կողմէ։ Ընդունելութեան ներկայ էր նաեւ Աթոռոյս Դիւանապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

 

Նորին Սրբազնութիւնը այս առթիւ ցաւակցութիւն յայտնեց իրենց երկարամեայ Ատենապետ Աբիկ Հայրապետեանի մահուան առթիւ։

2019 BEYOGLU ZIYARET

Այցելուները շնորհակալութիւն յայտնեցին եւ տեղեկութիւններ փոխանցեցին եկեղեցւոյ, վարժարանի եւ կալուածական հարցերու եւ արձանագրուած զարգացումներու մասին։

 

Տեղապահ Սրբազան Հայրը կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։