ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

beyogluՊէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ թաղի քահանայից դասէն՝ Արժ. Տ. Միւռոն Աւ. Քհնյ. Այվազեանի, 22 Մայիս 2014, Հինգշաբթի, ժամը 11.00-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի պիտի կատարուէր 8 Յունիս 2014, Կիրակի, Հոգեգալուստի Տօնին։ Տեղեկութիւն տուին նաեւ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց եւ Էսայեան Վարժարանի մէջ կատարուած աշխատութեանց մասին։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի անդամներուն, իրենց Աստուածահաճոյ ու եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։