ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական

besiktas belediyeՊէշիկթաշի Քաղաքապետ Մուրաթ Հազինէտար, 22 Մայիս 2014, Հինգշաբթի, ժամը 16.00-ին քաղաքավարական այց մը տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Քաղաքապետ Հազինէտարը փափաքած էր, քաղաքապետական ընտրութիւններէ յետոյ այցելել Պատրիարքարանը։ Մօտ կէս ժամուայ զրոյցի ընթացքին եղաւ խորհրակցութիւն։ Մեծայարգ քաղաքապետը անգամ մը եւս իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց, քաղաքապետութեան սահմաններուն մէջ գտնուող համայնքային հաստատութիւններու օժանդակելու։

Նորին Սրբազնութիւնը տեղեկութիւններ փոխանցեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց մեծայարգ քաղաքապետին, իր  քաղաքավարական այցելութեան համար։