ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային,Միջեկեղեցական,Միջկրօնական

Պէշիկթաշի Քաղաքապետ Ռըզա Աքփոլատի եւ կողակցին հիւրասիրութեամբ, 2 Դեկտեմբեր 2019, Երկուշաբթի, երեկոյեան, Պէշիկթաշի Four Seasons հիւրանոցին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորեան ընդունելութիւն։ Սոյն ընդունելութեան յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ ներկայ եղաւ՝ Պատրիարքական Աթոռոյ Դիւանապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Ընդունելութեան հրաւիրուած էին Ն.Ս.Տ.Տ. Յունաց Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքը, Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Արհ. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեան

Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Ասորի համայնքի Պատրիարքական Փոխանորդ Գերշ. Մոր Ֆիլիւքսինոս Արքեպս. Չէթին եւ այլ կրօնական ներկայացուցիչներ, թաղային խորհուրդներու անդամներ, քաղաքական ու դիւանագիտական դէմքեր։

 

Քաղաքապետ Աքփոլատ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով, ընդգծելով Պէշիկթաշի կարեւորութիւնը իր ներկայացուցած եղբայրական համակեցութեան տիպարով։ Շեշտեց միասնութեան եւ եղբայրութեան կարեւորութիւնը։ Հանդէս եկաւ նաեւ Յունաց  Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքը, որ իր կարգին կարեւորութեամբ շեշտեց եղբայրութեան եւ միասնականութեան ոգիի անհրաժեշտութիւնը։ Մաղթեց որ այդ ոգիին պտուղները վայելող հաւաքականութիւններ ապրին խաղաղութեամբ եւ բարորութեամբ։

 

Թաթուլ Ծ. Վրդ. այս առթիւ յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ, փոխանցեց Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները։