ՊԷՐԼԻՆԻ ՄԻՋ-ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ (FID) ԱՏԵՆԱՊԵՏԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական

kulturlerarasi diyalogՊէրլինի Միջ-մշակութային Երկխօսութեան Միութեան ատենապետ Էրճան Քարաքօյուն եւ երեք Գերմանացի դիւանագէտներ, 12 Մարտ 2013, Երեքշաբթի, ժամը 15.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Մեծայարգ հիւրերը կը հետաքրքրուէին Թուրքիոյ մէջ փոքրամասութեանց նկատմամբ ցուցաբերուած ազատութեան հետ։ Այս նպատակաւ, կը փափաքէին քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ Թուրքիոյ Հայոց հոգեւոր կեդրոնին ու պատասխանատու անձերէ լսել հարցերը։

Նորին Սրբազնութիւնը բարի գալուստ մաղթեց այցելուներուն ու շնորհակալութիւն յայտնեց փոքրամասութեանց նկատմամբ իրենց ցուցաբերած զգայնութեան համար։ Նորին Սրբազնութիւնը շեշտեց մշակոյթներու պահպանման անհրաժեշտութիւնը եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես միջ-մշակութային երկխօսութեանց նկատմամբ ներկայիս արձանագրուած զարգացումներուն։ Սրբազան Հայրը յայտնեց նաեւ թէ ամէն համայնք ունէր իր հարցերը, բայց եւ այնպէս, նկատի ունենալով Պետութեան ընծայած դիւրութիւնները, հաւաստիացուց որ առկայ հարցերը ի մօտոյ պիտի լուծուէին։