ՊՈՄՈՆԹԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՏՕՆԵԼ 2-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Kategori: Համայնքային

bomonti mihitaryanՊոմոնթի Մխիթարեան Սանուց Միութեան Վարչութեան ներկայացուցիչներ՝ Շուշան Սիվասլըօղլու եւ Թագուհի Մատաթեան, 1 Սեպտեմբեր 2014, Երկուշաբթի, ժամը 13.00-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուները, տեղեկացուցին թէ, Պոմոնթի Մխիթարեան Սանուց Միութեան վերահաստատութեան 2-րդ տարեդարձին առթիւ 2 Նոյեմբեր 2014, Կիրակի, տեղի պիտի ունենար ճաշասեղան մը, որուն պիտի մասնակցէր նաեւ երգիչ՝ Ատիս Հարմանտեան։ Անոնք, սոյն հանդէսին հրաւիրեցին Նորին Սրբազնութիւնը եւ տեղեկութեան տուին նաեւ միութեան գործունէութեանց մասին։

Նորին Սրբազնութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց տարեդարձի առթիւ ծրագրուած աշխատութիւնը լսելով։ Կատարելի ծրագիրին համար կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց Պոմոնթի Մխիթարեան Սանուց Միութեան վարիչներուն։