ՊՈՅԱՃԸԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Եկեղեցական
70

 (Թափօր դէպի Ս. Եղիսէ մատուռը)

14 Յունիս Երեքշաբթի Ս. Դանիէլ Մարգարէի եւ Սրբոց Երից Մանկանցն՝Սեդրաքի, Միսաքի եւ Աբեթնագովի յիշատակութեան առիթովկատարուեցաւ Պոյաճըգիւղի Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը,նախագահութեամբ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր։ Մասնակցեցանմիաբան հայրեր, քահանայից դասը եւ Կաթոլիկ Եկեղեցիէն Գերյ. Հ. ՃոնՎրդ. Ուըլի եւ Գերյ. Հ. Գոլումպա Սթիւըրթ։ Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ.Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. ՍեդրաքՍրկ. Տավութհան, Բրշ. Ասատուր Սրկ. Էօզտէմիրճի եւ Արթուն Տամատեան։Իսկ երգեցողութիւնները կատարեցին ներկայ հոգեւոր հայրերը,առաջնորդութեամբ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի։

Առաքելական թուղթերը եւ օրուան սուրբերուն վարքը կարդաց Ամեն. Ս.Պատրիարք Հայրը, որ նաեւ Տէրունական Աղօթքէն առաջ քարոզեց։ ՆորինԱմենապատուութիւնը հոգեւոր դասեր քաղելով օրուան սուրբերունվարքէն, եկեղեցին խուռներամ լեցնող բազմութեան յորդորեց երբեքչմոռնալ, որ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ իր ապրած միջավայրին մէջ կըներկայացնէ Քրիստոսը։ Մեր հայրապետները եւ բոլոր սուրբերը իրենցժամանակներուն եւ միջավայրին մէջ ապրելով հանդերձ գիտցան խօսքովու գործով, մանաւանդ կեանքի օրինակով վկայութիւն բերել մեր ՏիրոջՅիսուս Քրիստոսին։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, թափօր կազմուեցաւ դէպի Եկեղեցւոյ ներքեւըգտնուող լուսաղբիւր մատուռը, որ Պոյաճըգիւղի Թաղային Խորհուրդիջանքերով վերանորոգուած էր։ Կատարուեցաւ յատուկ պաշտօն եւ ՆորինԱմենապատուութիւնը Սրբալոյս Միւռոնով օծեց մատուռը, զայնվերակոչելով Ս. Եղիսէ Լուսաղբիւր Մատուռ։ Աւելի վերջ, հանգստեանաղօթք կատարուեցաւ եկեղեցւոյ հիմնադիր-բարերար Միսաք ԱմիրաՄիսաքեանի հոգւոյն։ Հուսկ ներկայ հոգեւորականները եկեղեցւոյպարտէզին մէջ Թաղային Խորհուրդին կողմէ պատուասիրուեցաննախաճաշի սեղանով։

71

(«Առաքելոյ աղաւնոյ»….)