ՊՈՅԱՃԸԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

boyacikoyՊոյաճըգիւղի Թաղային Խորհուրդէն պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ատենապետ Նազարէթ Էօզսահաքեանի, 6 Մարտ 2013, Չորեքշաբթի, ժամը 14.30-ին այցելեց Պատրիրարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ երկու նպատակներով ներկայացած էին։ Նախ խնդրեցին որ, Ս. Զատկի Կիրակիին պատարագիչ հոգեւորական մը տրամադրուէր քանի որ եկեղեցին չունէր մնայուն հովիւ եւ Ս. Զատկի Տօնին բազմաթիւ հաւատացեալներ կ՚այցելէն եկեղեցին։ Ապա տեղեկացուցին որ շինութեան հարմար եկեղեցապատկան հողամասին վրայ կը փափաքէին ձերնարկել շինարարական աշխատանքներու, եւ այս առումով կ՚ակնկալէին համայնքի օժանդակութիւնը։ Նորին Սրբազնութիւնը առաջարկեց սիրոյ սեղան մը կազմակերպել եւ կատարուելիք  աշխատութեան մասին տեղեկութիւն փոխանցել համայնքի անդամներուն։ Նորին Սրբազնութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար, այժմէն շնորհաւորեց  եւ կարողութիւն մաղթեց թաղային խորհուրդի անդամներուն, իրենց գործունէութեանց մէջ։