ՊՈՒԼԿԱՐԱՀԱՅ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական

Պուլկարիոյ Փլովտիւ քաղաքէն ուխտաւորաց խումբ մը,  գլխաւորութեամբ իրենց առաջնորդ Նուարդ Աբգարեանի 3 Յուլիս 2018, Երկուշաբթի ժամը 10.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

 

Պուլկարահայ մերազն ժողովուրդի 24 անդամներէն բաղկացեալ հիւրերը յայտնեցին, թէ Ստանպուլ եկած էին իբրեւ ուխտաւորներ եւ փափաքած էին այցելել Պատրիարքարան։ Ուրախ էին, թէ կը գտնուէին համայնքի հոգեւոր կեդրոնին մէջ։ Անոնք փափաքեցան ծանօթանալ Պատրիարքական Աթոռոյ եւ Հայ Համայնքի պատմութեան։

 

Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայրը համայնքի եւ Պատրիարքական Աթոռոյ պատմութեան մասին զանազան բացատրութիւններ փոխանցեց ու պատասխանեց ուղղուած հարցումներուն։ Ուխտաւորներ շնորհակալութիւն յայտնեցին սոյն ընդունելութեան համար։

APKARYAN NGAR

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ փոխանցեց Իր օրհնութիւնները ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց։